Հոն գիւղ մը կայ՝ հայերուս վերջին գիւղը
← ՊլոկՊլոկ

Հոն գիւղ մը կայ՝ հայերուս վերջին գիւղը

16 Յունիս 2023·4 վայրկեանի ընթերցում

Վաքըֆլը Գիւղ. Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղը

Բարի եկաք Վաքըֆլի
Բարի եկաք Վաքըֆլի — չորս լեզուով դիմաւորող քարը։Լուսանկար՝ Panavor

Վաքըֆլը գիւղը Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղն է, ուր աւանդութիւնները կը շարունակուին, իսկ հայերէնը կը խօսուի տեղական բարբառով։ 2022-ի Ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթը, քիչ մը պտոյտի համար եւ քիչ մըն ալ հարցազրոյցներ կատարելու յոյսով, «Բանաւոր»ի աշխատախումբով ուղղուեցանք դէպի Վաքըֆլը։ Մեր բարեկամ Արիճանը մեզի կ՚ընկերակցէր։

«Բանաւոր»-ին սկսելու ատեն, որոշած էինք նախ հանդիպումներ ունենալ Պոլսոյ մէջ՝ տեսակցելով այն անձերուն հետ, որոնցմէ կարելի պիտի ըլլար մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել խոհարարական յիշողութեան մասին, իսկ յետոյ՝ առցանց հարթակներու միջոցաւ սփիւռքահայերու հետ տեսակցիլ։ Սակայն, ճանապարհին նկատեցինք, որ առիթը ունինք համեմատաբար մատչելի ճամբորդութիւն մը ընելու Պոլիսէն դուրս՝ երթալ դէպի Վաքըֆլը եւ հոն դէմ առ դէմ հանդիպումներ ունենալ։ Երբեք չէինք մտածած, որ արդիւնքը այսքան տպաւորիչ պիտի ըլլար մեզի համար։

Գիւղ մտնելը

Նարինջ քաղել
Նարինջ կը քաղուի գիւղի պարտէզներուն մէջ։Լուսանկար՝ Panavor

Երեք հոգիով հասանք գիւղ։ Մուտքին, աջ կողմը չորս տարբեր լեզուներով «Մուսա Լեռ, Բարի Գալուստ Վաքըֆլը Գիւղին» մակագրութիւնը դիմաւորեց մեզ։ Պոլսոյ սահմաններէն դուրս, պատի մը վրայ հայերէն գրութիւն մը կարդալը շատոնց կորսուած բան մը գտնելու կը նմանէր։ Քարին անմիջապէս դիմացը գիւղին սրճարանն էր, ուր մեծհայրիկներ նարտ կը խաղային։ Մօտենալով անոնց՝ «բարեւ» ըսինք։ Հայերէնով բարեւել անծանօթի մը… ասիկա բազմիմաստ եւ խորհրդաւոր պահ մըն էր։ Կարծես ծածկագիր մը կամ գաղտնի համաձայնութիւն ըլլար. բոլորը, որոնց «բարեւ» ըսինք, կարծես տեղեակ էին այդ գաղտնիքէն։ Շուտով ծանօթացանք, կը պատմէինք թէ ուրկէ եկած էինք, ինչ նպատակով հոն կը գտնուէինք, ուր պիտի մնայինք։ Զրուցեցինք սրճարանին մէջ, զառիվեր ճամբաներուն վրայ եւ մեր կացարանին պարտէզին մէջ։ Գրեթէ բոլորը արմատներով Վաքըֆլըէն էին, բայց կային նաեւ ամուսնանալով այստեղ հաստատուած սասունցի կիներ եւ սուրիական պատերազմի հետեւանքով եկած ընտանիք մը։ Մենք՝ երեք ընկերներ, մնացինք եկեղեցիին աջին գտնուող կացարանին մէջ, ուր օրուան ընթացքին շատերու ճամբան կ՚անցնէր։

Նարինջներու բոյրը

Վաքըֆլըի մէջ ամէնուրէք են ծառերը, հոսող ջուրին ձայնը ու նարինջի եւ լեմոնի բոյրը։ Որպէս Պոլիս ծնած եւ մեծցած անձեր՝ անդրադարձանք, թէ որքա՜ն տարբեր են հոս հասնող պտուղները։ Վաքըֆլըի մէջ հասնող նարինջի տեսակ մը գրեթէ ամէն եղանակի պտուղ կու տայ։ Երբ գիւղին հիւր էք, բոլոր ծառերն ու պտուղները ձերն են. իւրաքանչիւր այգիի սեփականատէր կ՚արտօնէր, որ ամէն ծառէն պտուղ քաղենք։

Օրուան բերքը
Օրուան բերքը՝ բարձուած ու պատրաստ։Լուսանկար՝ Panavor

Առաջին օրը, եկեղեցիէն վեր գտնուող «Մուսա Լեռ» ճաշարանին մէջ ծանօթացանք աշխատող Արմանին։ Ան հիւրասիրութեամբ մօտեցաւ մեզի՝ ձեռքը նարինջով վերադառնալով ըսաւ. «Ասոնք կարմիր նարինջներ են, այս տեսակին վերջին շրջանն է, համտեսեցէ՛ք»։ Կեանքիս մէջ այսքան համով նարինջ չէի կերած։ Քոոփերաթիֆին ծանօթացած Էտա քոյրիկին հետ, առտուան ժամը եօթին իջանք այգին եւ սնտուկներով նարինջ քաղեցինք։ Ըսին, որ նարինջները պէտք է շեղակի ձեւով քաղել. եթէ ուղղակի վար քաշուի, նարինջին վերի մասը կը փրթի եւ այդ պտուղը կը տրուի աշխատաւորներուն որպէս այդ օրուան աշխատավարձ։ Մեր նպատակը երբեք չարաշահել չէր, բայց մեր վաստակը բաւական առատ էր։

Կանանց քոոփերաթիֆը

Մեր կացարանի վարի յարկին խոշոր բակը մեծ կարեւորութիւն ունի. այստեղ կը համախմբուի գիւղը Աստուածածինի տօնին, հոս տեղի կ՚ունենան հարսանիքներ եւ արարողութիւններ։ Առաջին առտու, պարտէզին մէջ ծանօթացանք քոյրիկներու հետ, որոնք հիմնած էին գործակցական ընկերութիւն մը՝ իրենց աւանդական արտադրանքները պատրաստելու եւ վաճառելու համար։ Այս կիները կը նպաստեն թէ՛ իրենց եկամուտին, թէ՛ գիւղին զարգացման։ Լորա Պայթարին շնորհիւ առիթ ունեցանք ներկայ գտնուելու իրենց աշխատանքին, որ կը կատարուէր եկեղեցիին տակ գտնուող խոհանոցին մէջ։ Լսեցինք իրենց միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները՝ Մուսա Լերան բարբառով։ Թէեւ մեր ծագումները տարբեր էին՝ Սասուն, Սեբաստիա, Մալաթիա, սակայն այդ օրուան ընթացքին հարազատութիւն զգացինք, մեր տունը, մեր գիւղը զգացինք։

Ձեռքերը լեցուն
Ձեռքերը լեցուն եղանակին պտուղով։Լուսանկար՝ Panavor

Լեզուն՝ Մուսա Լերան բարբառը

Եօթ-ութ տարեկան էի, երբ առաջին անգամ լսեցի մեծմայրս հայերէն խօսելով. Գերմանիայէն եկած հեռաձայն մըն էր։ Մեզի հետ երբեք հայերէն չէր խօսեր, որպէսզի դպրոցը Պոլսոյ մէջ խօսուող հայերէնը սորվէինք։ Վաքըֆլի մէջ հասկցայ թէ ինչպիսի հարստութենէ մը զուրկ մնացած ենք։ Հաթայի Թուրքիոյ միանալէն ետք, հայերէնի ուսուցումը դպրոցներուն մէջ աւարտած էր, սակայն լեզուն չէր ոչնչացած։ Գիւղացիները իրենց զաւակներուն Մուսա Լերան բարբառը բանաւոր սովորեցնելով կը շարունակեն լեզուն։ Թէեւ տառերուն անծանօթ, կը պահեն մեծմայրերէն մնացած հայերէնի տետրակները եւ կը պայքարին աւանդութիւններու ու լեզուի շարունակութեան համար։

Ճամբան դէպի վեր
Ճամբան դէպի վեր՝ դէպի մնացածը։Լուսանկար՝ Panavor

Վերջին խօսք

Վաքըֆլըի մէջ մեր անցուցած վեց օրերուն ընթացքին այնպիսի փորձառութիւն մը ունեցանք, որ չէինք կրնար պատկերացնել։ Ամէն իրիկուն մեր առջեւ ուրիշ տան մը դուռը կը բացուէր հիւրասիրութեան համար։ Էտա, Սիրանոյշ, Գոհար, Ներկիզ քոյրիկներուն եւ իրենց ընտանիքներուն հետ երգեցինք, բարբառով հարցազրոյցներ ըրինք, տնական օղիներ համտեսեցինք։ Թալին քոյրիկ ամէն առտու սուրճ եւ լիքէօր կը հրամցնէր։ Անուշին, Սարգիսին, Սերքանին հետ ընկերացանք… Այսօր Վաքըֆլըի մէջ կը շարունակուին աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ լեզուն, որովհետեւ հոն ապրողները չեն հրաժարիր անոնցմէ։